Tag Archives: Պուրճ Համուտ

«ԷԼ ՉԽՕՍԵՑ ԱՐԱՔՍԸ…»


«Հայ ժողովուրդը հողին մէջ ուրիշ է… Հողէն դուրս կը մեռնի »:

 ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

 Երգ, պար, երաժշտութիւն, մշակոյթ, ստեղծագործութիւն, կեանք, ինքնութիւն… հայու ինքնութիւն: «Հայը»` իբրեւ աշխարհի ամէնէն հին ժողովուրդներէն մէկը, ունի իր հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը եւ` ի՜նչ պատմութիւն… Պատերազմ, յաղթանակներ, թագաւորութիւններ, աւանդութիւն, մշակոյթ, ցեղասպանութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, վերածնո՛ւնդ: Մէկ խօսքով` հայը մէկն է այն ժողովուրդներէն, որոնք մեռնիլ չեն գիտեր: Ահա հասանք 21-րդ դար, երբ համաշխարհայնացումը գլուխը առած` գացած է, մենք եւս սկսած ենք շեղիլ հայ ժողովուրդի իսկական տիպարէն, փիւնիկեան ինքնութենէն եւ հայկական մշակութային ու այլ արժէքներուն դիմաց կանգնեցուցած են հաստ ու հսկայ պատեր… Դարձած ենք օտարամոլ, դարձած ենք կեղծիքներով առաջնորդուող: Յիշեցնեմ Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը. «Ուրանալ ինքնութիւնը` կը նշանակէ գոյութիւն չունենալ»:

Վերջին շաբաթներուն բաւական ցնցիչ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան իսկապէս. քանի մը ԼԵՄ¬ականներով պտոյտ մը կատարեցինք Արաքս փողոցին մէջ` Պուրճ Համուտի սրտին վրայ, որ կը կոչուի սփիւռքի մայրաքաղաքը, լիբանանահայութեան կորիզը:

 Երեւակայեցէք պահ մը, թէ ո՛ւր կը գտնուէինք. տեղ մը, ուր հայը հերոս է, ուր փողոցները Եռագոյնով զարդարուած են, շէնքերուն մուտքերը զինանշաններով օրհնուած են, ուր կը խօսին հայերէն… Իջանք մեր փոքրիկ Հայաստանը, սփիւռքի Հայաստանը:

 Գիտակցաբար ուղղուեցանք հոն, որպէսզի համտեսենք Արաքսի զուլալ ջուրէն, բայց դժբախտաբար տեսանք, որ «Արաքս»ի ջուրը կարծէք սկսած է պղտորիլ, ցեխոտիլ եւ թունաւորուիլ:

Մենք մեզ գտանք տեղ մը, ուր թրքացման ալիքը սկսած է հարուածել, ուր ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը նահանջ արձանագրած է, ուր մեր քաղցր լեզուն կ՛աղաւաղի, ուր մեր թշնամիին արտադրութիւնները կը վաճառուին:

Մենք մեզ գտանք այնպիսի տարածքի մէջ, ուր օտար լեզուն կը գերադասէ մայրենիին, ուր կը քաջալերուին թրքական արտադրութիւնները, ուտելիքները եւ հագուստները, անշուշտ կը դիտուին թրքական անբարոյ ֆիլմաշարերը:

Մենք մեզ գտանք այնպիսի հողի մը վրայ, ուր սկսած է տիրական ըլլալ «Ո՛ւր հաց, հոն կաց» փիլիսոփայութիւնը… Ուր անհատական շահերը կը գերադասեն ազգին շահերուն…

Հանդիպեցայ այնպիսի անձերու, որոնց հայ ըլլալը անհաւատալի կը թուի, անոնք հաւանաբար չակերտեալ հայ պէտք է կոչուին…

Տակաւին մտքիս մէջ կը հարուածէ երիտասարդ հայ վաճառականի մը պատասխանը, երբ հարցուցի, թէ ի՞նչ կը զգայ Թուրքիա երթալով… «Հանգի՜ստ,¬ ըսաւ,¬ կը յարգեն մեզ, շա՜տ, մենք եղբայրներ ենք` կ՛ըսեն», հաստատեց` իսկապէս հաւատալով իր ըսածին: Շատ հաւանաբար Ցեղասպանութեան վերաբերող դասաւանդութեան քննութեան ձախողած է այս երիտասարդը, որովհետեւ անոր համար համիտեան ջարդերն ու ապրիլեան ցեղասպանութիւնը ոչինչ կ՛ըսեն, Հրանդ Տինքի ահաբեկումն ու ազրպէյճանական ջարդերը կրնան «յարգանք»ի արտայայտութիւն ըլլալ իրեն համար, իսկ Էրտողանի սպառնալիքները` Թուրքիոյ մէջ ապրող 100 հազար հայութեան, «եղբայրութեան» նշան էին, ըստ երեւոյթին…

Իսկ աւելի ցնցիչ ու սահմռկեցուցիչ պատասխանը ապտակի նման դէմքիս դպաւ, երբ հարց տուի, թէ Թուրքիա գացած ատեն արդեօք նաեւ Արեւմտահայաստան կ՛երթա՞յ, մեր հողերը կ՛այցելէ՞. «Մեր հողերը ո՞րն են», դուրս եկաւ անոր բերնէն: Ուզեցի ինծի հասած աներեւոյթ ապտակին փոխարէն իսկական ապտակ մը դրոշմել անոր դէմքին…

 «Մեր հողերը ո՞րն են»… Արդեօք այս երիտասարդին մեծ հայրը կամ անոր հայը ո՞ւր ծնած են, Սասնոյ եարխուշտան եւ քոչարին ո՞ր շրջանի պարերն են, Մշոյ խըրը եւ Տիգրանակերտի մարտականը ո՞ր ազգի պարերն են, Խարբերդի թամզարան ու Էրզրումի շորորը ո՞ր ազգի ազգագրական պարերն են… Մուսա լերան տեպքէն եւ ցունտըր հաւան որո՞ւ հողերուն վրայ ծնունդ առին… Մե՛ր հողերէն, «հա՛յ» երիտասարդ:

 Ցաւ ի սիրտ, կայ նաեւ այլ ցաւալի երեւոյթ մը. կարգ մը հայ ուսուցիչներ, որոնք սկզբունքով հայ աշակերտին իտէալը պէտք է ըլլան, գացած են ու իրենց ամառնային արձակուրդը անցուցած են Պոլսոյ մէջ, անոնք կը կրեն թրքական հագուստներ, կը դիտեն թրքական յայտագիրներ… Հաւանաբար շատ ալ զարմանալի պէտք չէ թուի, որ նոր սերունդը ինչո՞ւ երբեմն շատ անտարբեր կ՛ըլլայ իր ինքնութեան ու արժէքներուն նկատմամբ:

Բնականաբար պէտք չէ մոռնալ կամ ուրանալ, որ կան տիպար հայ ուսուցիչներ, որոնք իսկական հայ սերունդներ կերտելու աշխատանքին լծուած են, բայց կարելի չէ նաեւ աչք խփել միւսներուն գոյութեան, որովհետեւ անոնք աւերներ կը գործեն եւ սերունդներ կը քայքայեն: Նմաններուն մօտ անտրամաբանական պատճառաբանութիւնները անպակաս են` թրքական արտադրութիւններ կարելի է սպառել, որովհետեւ անոնք խորքին մէջ մեր հայկական հողերուն վրայ պատրաստուած են, թրքական ժապաւէններ կարելի է դիտել, որովհետեւ անոնք արաբերէնով կը ներկայացուին, Թուրքիա կարելի է այցելել, որովհետեւ նպատակը ուխտագնացութիւն է, սակայն Պոլսոյ մէջ շրջագայիլը արդեօք նոյն նպատակի՞ն կը ծառայէ…

Անոնք կ՛ուզեն մեզ համոզել, որ եթէ առիւծին մազերը կտրենք անիկա, վագրի կը վերածուի. անոնք կը մոռնան կամ կ՛ուզեն անտեսել, որ թրքական ժապաւէններուն միջոցով թրքական «արժէքներ» կը փոխանցուին` անգութ, բարբարոսութեամբ դրոշմուած, մարդասպանական ու անմարդկային արժէքներ:

Թուրքիա այցելելը երբեք պէտք չէ առնչել Արեւմտահայաստան երթալուն, թրքական արտադրութիւնները քաջալերողը նաեւ քաջալերած կ՛ըլլայ հայութեան դէմ մղուող ամէն տեսակին պատերազմ ու անոր դէմ գործադրուած ամէն տեսակի սպանդ:

 Այսպէ՞ս կ՛ուզէք, որ շարունակենք մեր սրբազան պայքարը… Այսպէ՞ս պիտի վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն: Ա՞յս է 1.5 միլիոն նահատակներուն կտակը, ա՞յս է Տէր Զօրի աւազներուն տակ անթաղ մնացած մեր նահատակներուն պատգամը, ա՞յս է Լիզպոնի տղոց պարտքը…

Հաւանաբար անցեալի օրերը պէտք է վերադառնան, թրքական ձայնապնակները պէտք է հաւաքել ու այրել նոյնինքն Արաքս փողոցին մէջտեղը, Թուրքիա գացողները պէտք է ազգային դաւաճաններ նկատել:

Այս ուղիով քալողները ոչ թէ անտարբերներ, այլ դաւաճաններ են, անոնք կը պղծեն մեր պատմութիւնը, աշխարհի աչքին փոշի կը ցանեն եւ այդ բոլորը կ՛ընեն մեր քսակէն, Արաքս փողոցի երբեմնի փառքին հաշուոյն:

 Ընդվզած ու տխուր հեռացանք Արաքսէն ու «Էլ չխօսեց Արաքսը»:

ՀՐԱԿ ԹՈՐՈՍ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Tagged , , , , , , , , ,

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ


… Ու հաստատ քայլերով, մօտ հարիւր դասընկեր-դասընկերուհիներով, փշաքաղուած մարմիններով եւ վճռական արտայայտութիւններով կը քալէինք… Դպրոցէն քալեցինք մինչեւ հոն, ուր հազարաւոր հայորդիներ մեզի միացած էին, ուր կը ծածանէին հազարաւոր դրօշներ, ուր կար ազատ մթնոլորտ, հայկական մթնոլորտ: Այնճարէն, Պուրճ Համուտէն, Ֆանարէն, Անթլիասէն, Հաճընէն եւ այլ հայահոծ շրջաններէն բազմահազար հայրենակիցներ միացան եւ միակամ ու միաձայն իրենց «Ո՛չ»ը ըսին օսմանցի թուրքին՝ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան:

Մինչ կը շարունակէինք մեր երթը, յիշեցինք այն բոլոր բողոքները, որոնք կազմակերպած եւ որոնց մասնակցած էինք որպէս լիբանանահայութիւն՝ ընդդէմ թուրքին համաթուրանական քաղաքականութեան՝ Հայաստանի կամ Լիբանանի նկատմամբ: Բայց չկրցանք յիշել նմանօրինակ բողոքի հաւաքներ, որոնք կազմակերպուած ըլլային լիբանանեան իշխանութիւններու կողմէ։ Աւելի՛ն. անդրադարձանք, որ լիբանանցին ալ մոռցած է թէ ինչո՛ւ կառուցուեցաւ Նահատակաց յուշարձանը՝ նոյնանուն հրապարակին վրայ, այսինքն լիբանանցին ա՛լ մոռցած է չորս հարիւր տարուան թրքական բարբարոս տիրապետութիւնը:

Անդրադարձանք նաեւ, որ սովորութիւն դարձած է այն, որ միայն քաղաքական ընտրութիւններու ընթացքին լիբանանեան կուսակցութիւններու կամ հոսանքներու պետերը ազդեցիկ եւ ծանր պատգամներ ու կոչեր կþուղղեն հայ ժողովուրդին. կը շեշտեն մեր կարեւորութիւնը այս երկրին կերտման գործընթացին մէջ, մեր արհեստավարժութիւնը արուեստի եւ արհեստի բնագաւառներուն մէջ եւ մեր անընդհատ աշխատանքը՝ համաշխարհային գետնի վրայ լիբանանեան դրօշը բարձր պահելու համար: Հասկցանք, որ այս բոլորը իրենց աթոռները ապահովելու համար է միայն։

Սովորութիւն մը, որ շատ արագ կու գայ եւ կþերթայ… Իսկ մնացեալ ժամանակաշրջանին հայը կը մնայ այն «օտարականը», որ եկած է Լիբանան եւ կը փորձէ իր անձնական կարծիքը պարտադրել տեղացիներուն՝ Հայ դատը պաշտպանելու նպատակով:

Տեղացիին այս կեցուածքը անգամ մը եւս պարզուեցաւ 25 նոյեմբերին, երբ լիբանանահայութիւնը իր հոծ զանգուածներով, քաղաքական կուսակցութիւններով, համայնքներով, աշակերտներով, գործաւորներով, մանուկներով եւ ծերունիներով ուղղուեցաւ կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ՝ առ ի յարգանք Լիբանանի նահատակներուն յիշատակին, որոնք կախաղան բարձրացան օսմանցի թուրքին ձեռքով, պարզապէս որովհետեւ արդարութիւն եւ անկախութիւն պահանջեցին թուրքէն: Տեղացին ո՛չ միայն բացակայ էր նորէն, այլ՝ անհանգստացածի վիճակի մէջ։ Իսկ այդ նոյն բռնակալը կրկին կը գտնուէր Լիբանան՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անուան տակ «ժողովրդավար» պատկերով ներկայացուցիչ ունենալով իր վարչապետը՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Մինչ միամիտ լիբանանցին եւ անոր քաղաքական ու հոգեւոր պետերը դիմաւորեցին Էրտողանը թագաւորական փառաւոր հանդիսութեամբ, ճաշկերոյթներով, բարի գալուստի թրքերէն պաստառներով եւ «ենիչերիներու» թմբուկով ու գեղարուեստական յայտագիրով, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս հաւատարիմ մնաց այդ երկրին, որ զինք հիւրընկալեց 1915 թուականին, երբ ինք ճողոպրեցաւ օսմանցիին եաթաղանէն։

Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս հաւատարիմ մնաց Լիբանանի, անոր նահատակներուն եւ անոր ապագային՝ հեռատես ըլլալով ու տեսնելով թուրքին իսկական նպատակը Լիբանան այցելելու ու դարձեալ տարածելու թրքական բռնութիւնը Լիբանանի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ:

Լիբանանահայութիւնը իր կարգին «դիմաւորեց» Էրտողանը՝ օդակայանէն մինչեւ Նահատակաց հրապարակ՝ պոռթկումներով, կարծրացած բռունցքներով, անոր ներկայութիւնը մերժող արտայայտութիւններով, յեղափոխական երգերով եւ Թուրքիոյ իրականութիւնը պարզող պաստառներով եւ նոյնիսկ գործադուլով՝ իբրեւ Էրտողանի ներկայութեան մերժում: Եւ սակայն անգամ մը եւս տեղական մակարդակի վրայ դրսեւորուեցան տարբեր ոչ ազգային կեցուածքներ, որոնք փորձեցին ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունքը խլել մեր ձեռքէն՝ ըլլան անոնք պետական պաշտօնեաներ, զինուորականներ կամ թրքամէտ ու իրենց երկրի ազգային արժանապատուութեան տէր չեղող երիտասարդներ…

Սակայն ազգի մը համար, որ յաղթահարած է համիտներ, թալէաթներ, եւ ստալիններ, տեսած է անապատ, ջարդ ու մահ եւ այս բոլորէն ետք վերապրած է, հիմնադրած է հանրապետութիւն ու ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ ազատագրած է Արցախ, այս լիբանանեան ապազգային կեցուածքները ոչինչ կը ներկայացնեն: Իրապէս «մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար»:

Հասանք հրապարակ. հեռուէն տեսանք, որ այդ բազմահազար ժողովուրդը կը նայէր մէկ ուղղութեամբ։ Նահատակաց հրապարակին մուտքին անբարոներ կախած էին Էրտողանի նկարը, որուն ետեւի բաժինը կը ծածանէր Թուրքիոյ դրօշակը ու տպուած էր «բարի եկար»՝ թրքերէնով: Կարծէք Լիբանանի իշխանութիւնները կþըսէին. «Բարի եկաք , հրամեցէք, դարձեալ ջարդեցէք մեզ»: Եւ ճիշդ հոն, այդ պաստառին տակ, աղմուկը կը բարձրանար մեր տաքարիւն երիտասարդներուն եւ զինուորներուն միջեւ եղած վէճէն: Հայ տղաքը որոշած են ամէն գնով այդ պաստառը վար առնել, սակայն բանակայինները կþարգիլէին… Մեր տղաքը սկսան նկարը պղծել… Ապահովական ուժերուն կողմէ քարերու եւ փայտերու հարուածները սկսան: Կþուզէին այդ նկարը անպայման մնայ հոն ու մեր ժողովուրդը մնայ յուսահատ…

Բայց, ըստ երեւոյթին, անոնք տակաւին մեզ լաւ չեն ճանչնար, երբ կþըսենք՝ մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, իրապէ՛ս չի ճանչնար: Մեր կամքը կամք է ու մեր «ոչ»ը՝ «ոչ»… Ու յանկարծ տղաքը շրջանցելով ապահովական ուժերուն շղթան՝ բարձրացան պաստառին վրայ ու Էրտողանի աչքը փորեցին մեր դրօշով, մեր սուրբ եռագոյնով: Ու վերջապէս այդ պաստառը պատռեցին, թրքական դրօշը կտոր-կտոր ըրին ու Էրտողանի երեսը վերցուցին Նահատակաց հրապարակէն: Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ:

Թող այս դէպքը օրինակ ըլլայ նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն, որպէսզի գիտակից ըլլան ու յարգեն իրենց պատմութիւնը: Ըլլան դիւանագէտ, բայց ոչ՝ բռնութեան առարկայ: Թող լիբանանցին լաւ գիտնայ, որ թուրքը կը մնայ մայիս 6-ի այն նոյն օսմանցին, որ այսօր եկած է իր դրամով գնելու լիբանանցիին պատիւը եւ վերստին հաստատելու օսմանեան քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ: Թուրքը կը հետապնդէ իր շահերը, իր բացարձակ շահերը միայն։ Հաւանաբար զուգադիպութիւն մը չէր, որ Էրտողանի Լիբանանի հարաւային շրջան այցելութենէն ետք երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ հոն։ Եթէ լիբանանցին մոռցաւ եւ կամ չուզեց յիշել թուրքին գործած ոճիրը մարդկութեան դէմ եւ անգիտանալ թուրքին վարած բարբարոսութիւնը՝ անմեղներուն դէմ, հայրենի հողը չմոռցաւ ու չմարսեց կատարուածը, թուրքին սուրէն վազած արիւնը խմած հողը չմոռցաւ… Մայրիներու երկիրը չանգիտացաւ օսմանցիին կողմէ ի գործ դրուած բռնութիւնը, այդ պատճառով ալ ընդվզեցաւ, շարժեցաւ, պոռթկաց եւ մերժեց Էրտողանի այցելութիւնը։

Ո՛վ լիբանանցի, եղի՛ր արթուն եւ վճռական… Եղի՛ր նման լիբանանահայութեան:

ՀՐԱԿ ԹՈՐՈՍ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Tagged , , , , , , , , , , ,